բանիբուն
բանիմաց, ուշիմ
բանիբուն
խօսելու մէջ ճարտար
բանիլ
աշխատանք կատարել, աշխատիլ
çalışmak
բանուկ
շատ աշխատող կամ խիստ գործածական (ճամբայ, խանութ եւն.)
işlek
բանուոր
աշխատաւոր, գործաւոր, մշակ
işçi
բանջարանոց
արտ՝ ուր կը մշակեն զանազան բանջարեղէններ
bostan
բանջարեղէն
բոյս կամ կանանչեղէն՝ որ կը ծառայէ իբրեւ կերակուր
sebze
բանսարկու
խօսք խառնող, չարախօս, քսու
բանտ
այն շէնքը՝ ուր կը պահուին յանցաւորները իբրեւ պատիժ, արգելանոց
hapishane
բանտապան
բանտի վերակեցու պաշտօնեայ
gardiyan
բանտապետ
բանտապաններու պետը, բանտի կառավարիչ
բանտարկեալ
բանտարկուած, բանտի մէջ մնալու դատապարտուած
mahpus
բանտարկել
բանտը դնել, արգելափակել
hapsetmek
բաշ
առիւծի՝ ձիու կամ ուրիշ կենդանիներու վզին վրայ բուսնող հաստ եւ երկայն մազ
yele
բաշխել
ամէն մէկուն իր բաժինը տալ, բաժնել
dağıtmak
բառ
մարդկային ձայնի այն հնչիւնները՝ որ ունին նշանակութիւն մը
kelime, sözcük
բառախաղ
սրամիտ խօսք՝ զոր կ՚ընեն նմանահունչ կամ հոմանուն բառեր գործածելով
բառակազմութիւն
այն կանոնները՝ որոնց համաձայն կը կազմուին բառերը
բառամթերք
լեզուի մը մէջ գործածուած բառերուն ամբողջութիւնը
kelime hazinesi, söz varlığı
բառաչել
ոչխարի կամ կովու ձայնով պոռալ
böğürmek