HAZIRLIK AŞAMASINDA

բառ առ բառ

բառացի, բառերը մէկ-մէկ ըսելով

բառարան

բառգիրք, այն գիրքը՝ որուն մէջ ամփոփուած են լեզուի մը բառերը այբուբենի կարգով եւ բացատրուած են նոյն լեզուով կամ թարգմանուած են ուրիշ լեզուի
sözlük

բառացանկ

գրքի մը մէջ գործածուած բառերը կամ անունները ցոյց տուող բառարան (գրքին վերջաւորութեան դրուած)
dizin

բառգիրք

բառարան

բառեղ

մագլցող տունկ մը՝ որ վրանաձեւ ծաղիկներ ունի
çadırçiçeği

բառնալ

վերցնել, բարձրացնել
yüklemek, kaldırmak

բարակ

քիչ հաստութիւն ունեցող, նուրբ
ince

բարակ

որսի շուն
tazı

բարացուցական

բարքը՝ բնաւորութիւնը կամ նկարագիրը ցոյց տուող

բարբանջանք

ափեղցփեղ խօսք, ցնդաբանութիւն
hezeyan

բարբառ

տեղական լեզու, գաւառաբարբառ
şive, ağız

բարբառ

ձայն, լեզու, խօսք
dil, ses

բարբառել

բարբառիլ, բան մը ըսել, խօսիլ, ճառել
söylemek, konuşmak, parçalamak

բարբառող

խօսող (թռչուն)

բարբառող

շատախօս

բարբարոս՚

անկիրթ, վայրենի, վայրագ
barbar

բարգաւաճ

ծլած եւ ծաղկած
gelişmiş

բարգաւաճ

փառաւոր

բարդ

մէկէ աւելի տարրերէ բաղկացած
bileşik

բարդ

խրթին, կնճռոտ
karmaşık