HAZIRLIK AŞAMASINDA

բարդ

կոյտ, դէզ, շեղջ
yığın

բարդածանց

բարդուած եւ ածանցուած (բառ)

բարդ-բարդ

կոյտ-կոյտ, դէզ-դէզ

բարդել

իրարու վրայ կուտակել, դիզել
yığmak, bindirmek

բարդել

բարդ բառ կազմել

բարդութիւն

խառնուած ըլլալու հետեւանքով դժուարութիւն
karmaşıklık, komplikasyon

բարեացակամ

ուրիշին բարիք կամեցող, բարեհաճ

բարեբախտաբար

բարի բախտի բերումով, աղէկ որ

բարեբաստիկ

բարեբախտ, բախտաւոր, երջանիկ

բարեբաստութիւն

բարեբախտութիւն, յաջողութիւն

բարեբեր

բերրի, բեղուն, պտղաբեր, արգաւանդ, յուռթի, արգասաբեր
verimli

բարեգործութիւն

բարիք կամ մարդասիրական գործ ընել
iyilik, sevap

բարեգութ

շատ բարի, գթասիրտ, գթառատ

բարեդէպ

յարմար եւ յաջող պատահար

բարեզարդութիւն

լաւ զարդարուած ըլլալ, վայելչութիւն

բարելաւել

աւելի լաւ ընել, բարւոքել
iyileştirmek

բարեխառնութիւն

միջակ ջերմութիւն, չափաւորութիւն, մեղմութիւն (կլիմայի)

բարեխիղճ

խղճմտանքով գործ կատարող, պարտաճանաչ
dürüst, vicdanlı, özenli

բարեխօսութիւն

մէկու մը մասին աղէկ խօսքեր ընել

բարեծնունդ

ազնիւ ծագումով, ազնուատոհմ