HAZIRLIK AŞAMASINDA

բացավայր

վրան բաց տեղ, բացաստան

բացատրական

բացատրութիւն պարունակող, բառերու նշանակութիւնները նոյն լեզուով բացատրուած (բառարան)
izahlı, açıklamalı

բացատրել

անհասկնալին հասկնալի դարձնել, պարզել, լուսաբանել
izah etmek, açıklamak

բացատրութիւն

լուսաբանութիւն, հասկցնել
açıklama

բացարձակ

յայտնի եւ որոշ, կատարեալ
mutlak

բացբերան

թուլբերան, անգաղտնապահ

բացբերան

բերանը միշտ բաց պահող, ապուշ

բացէիբաց

առանց պահելու, ամէնուն առջեւ
açıkça

բացի

նախադրութիւն՝ որ կը նշանակէ “զատ, դուրս”

բացխփել

բանալ ու գոցել (աչքը)
kırp(ıştır)mak

բացորոշ

բացայայտ, բոլորովին յայտնի, ակներեւ

բացօդեայ

բաց օդի մէջ, դուրսը
açık hava

բացօթեայ

վրան բաց տեղ, բաց երկնքի տակ
açıkta, açık hava(da)

բաւական

չափաւոր, գոհացուցիչ, բաւարար
epey(ce), yeter(ince), yeterli

բաւել

բաւական ըլլալ, օգտել
yetmek

բաւիղ

խորտուբորտ նեղ ճամբայ
patika

բբալ

եղնիկներու ձայնը կամ կանչը

բբուկ

աքլորի կամ հաւու կատարը
ibik

Բեթլեհէմ

Պաղեստինի այն քաղաքը՝ ուր ծնաւ Յիսուս

բեկբեկուն

կոտրտուող
kırıl(g)an