Ա
առաջին
աբբայ
կաթոլիկ վարդապետ, աբբահայր
աբեղայ
կուսակրօն քահանայ, վանական
ագահ
անկուշտ, դրամասէր, ծակաչք
haris, açgözlü
ագատ
պոչը կտրած, պոչատ
ագատ
կիսաթանկագին քար մը
akik
ագարակ
արտ կամ հողային կալուած՝ ուր կը պահուին նաեւ ընտանի եւ օգտակար անասուններ
çiftlik
ագարակապան
ագարակ բանեցնող
ագեկալ
ձիու պոչին տակէն անցած կաշի, ագեփոկ
kuskun
ագեւոր
պոչ ունեցող, պոչաւոր
ագի
պոչ
ագոյց
մետաղէ շրջանակ, օղռկ
halka, çerçeve, yuva
ագուցուած
իրարու մէջ անցած, ագուցիկ
ագռաւ
մսակեր սեւ թռչուն մը
karga
ագռաւուկ
ծայրը կեռի պէս դարձած մետաղէ գործիք մը՝ որով կարելի է ամէն տեսակ փականք բանալ
maymuncuk
ադամալոյս
առտուան դէմ եղած մթնշաղ լոյսը
ադամամութ
արշալոյսէն առաջ եղած մթութիւնը
ադամանդ
արժէքաւոր զարդաքար մը
elmas
ադամանդակուռ
ադամանդներով զարդարուած
ադամանդայեռ
ադամանդներով կազմուած