HAZIRLIK AŞAMASINDA

աղեխարշ

աղեկէզ, գութ շարժող, կսկծեցնող

աղեկատ

բուրդ մանելու գաւազան, րոք, մանելիք

աղեկտուր

աղեկէզ, գութ շարժող, խղճալի

աղեղ

նետ արձակելու կամարաձեւ գործիք
yay

աղեղնաւոր

աղեղաւոր, աղեղ ունեցող, աղեղով զինուած
okçu

աղետապ

աղիքներու բորբոքում (հիւանդութիւն)

աղերս

աղաչանք, աղերսանք
yalvarma, istirham

աղերս

կապ, առնչութիւն, յարաբերութիւն
münasebet, ilgi, alaka

աղերսագիր

խնդրագիր, գրաւոր դիմում՝ իրաւունք կամ գործ փնտռելու համար
dilekçe

աղերսանք

խնդրանք, աղաչանք

աղերսարկու

այն՝ որ խնդրանք մը կը ներկայացնէ, խնդրարկու

աղէկ

լաւ, ընտիր, աղուոր

աղէտ

փորձանք, դժբախտութիւն
felaket, afet

աղէտք

փորձանքներ, դժբախտութիւններ

աղի

լեղի, իր մէջ շատ աղ պարունակող
tuzlu

աղի

նուագարանի լար

աղիողորմ

ողբալի, աղեկտուր, ցաւագին

աղիճ

գէշ աղջիկ, անպատիւ կին
fahişe, kahpe

աղիտաբեր

փորձանք բերող, դժբախտութիւն պատճառող

աղիտալի

փորձանքով լեցուն, խիստ ցաւալի
feci