HAZIRLIK AŞAMASINDA

բողբոջ

պտուկ, ծիլ
filiz

բողբոջիլ

ծլիլ, բացուիլ, ծաղկիլ
filizlenmek

բողկ

կլոր կամ իլիկաձեւ արմատով բոյս մը՝ որուն համը կծու է
turp

բողկուկ

միջատներու շօշափելիք
duyarga

բողկուկ

վայրի բողկ
yabani turp, turp otu, acırga

Բողոքական

Աւետարանական
Protestan

բողոքել

դժգոհութիւն յայտնել, գանգատիլ
protesto/ şikâyet etmek

բոմբիւն

թնդիւն (ռումբի կամ թնդանօթի ձայն)

բոյլ

խումբ (մարդոց կամ անասուններու)

բոյն

թռչուններու ինչպէս նաեւ կարգ մը միջատներու եւ ձուկերու բնակութեան տեղ
yuva

բոյն

ընտանեկան յարկ կամ համեստ տուն

բոյս

այն ապրող գոյութիւնները՝ որոնց արմատը հաստատուած է հողին մէջ
bitki

բոյր

ախորժելի հոտ կամ անուշահոտութիւն

բոպիկ

բոկոտն, առանց ոտնամանի
yalınayak

բոպիկ

անպատրաստ կամ տգէտ (մարդ)

բոսոր

կարմիր, ծիրանեգոյն
al, kızıl

բով

այն ամանը՝ որուն մէջ մետաղը կը հալեցնեն, հալոց, քուրայ
pota

բով

շրջան կամ վիճակ, փորձ

բովանդակ

ամբողջ, բոլոր
bütün, tüm

բոր

բորոտ, մաշկի հիւանդութիւն մը, բորոտութիւն
uyuz