HAZIRLIK AŞAMASINDA

բուծանել

կերակրել, սնուցանել (անասունները)
beslemek, yetiştirmek, üretmek

բուն

Իսկական
asıl

բուն

ծառի մը արմատէն մինչեւ ճիւղերը երկարած մասը
gövde

բունիկ

պզտիկ բոյն

բուռ

ձեռքի մէջի փոսը, ափ
avuç

բուռն

սաստիկ, ուժեղ, խիստ
şiddetli

բուսաբանական

բոյսերու գիտութեան վերաբերեալ

բուսաբանութիւն

բոյսերը ուսումնասիրող գիտութիւն
bitkibilim, botanik

բուսական

բոյսի վերաբերեալ, բուսային
bitkisel

բուսականութիւն

բոլոր բոյսերու ամբողջութիւնը
bitkiler, bitki örtüsü, flora

բուսնիլ

սերմէն ծիլ արձակել եւ հողին վրայ երեւալ
bitmek, çıkmak

բուստ

ծովային կրացած մարմին մը (առհասարակ կարմիր գոյնով) որ կը գործածուի իբրեւ զարդեղէն
mercan

բուրաստան

հոտաւէտ ծաղիկներու պարտէզ, ծաղկոց

բուրգ

քառակուսի խարիսխով եւ դէպի վեր հետզհետէ նեղցող շինութիւն
piramit

բուրդ

ոչխարներու եւ քանի մը ուրիշ կենդանիներու մազերը, ասր
yün

բուրել

անոյշ հոտ արձակել
koku salmak, (güzel) kokmak

բուրում

բուրմունք, անուշահոտութիւն
rayiha, koku

բուրումնաւէտ

հաճելի բուրմունք ունեցող
rayihalı

բուրվառ

մետաղեայ աման մը՝ որուն մէջ խունկ կը ծխեն (եկեղեցիներու մէջ)

բուք

հովախառն ձիւն, ձիւնամրրիկ
tipi