HAZIRLIK AŞAMASINDA

բջիջ

կենդանի մարմիններուն ամենափոքր մասը՝ որ շարժուն է ու կրնայ սնանիլ եւ բազմանալ
hücre

բջիջ

վեցանկիւն փոքրիկ խորշ՝ ուր մեղուները մեղր կը լեցնեն
göz, hücre

բռնաբարել

չարչարել, լլկել, պղծել
zor kullanmak, tecavüz etmek

բռնագրաւել

մէկու մը ունեցածը բռնի ոյժով ձեռքէն առնել
müsadere etmek, haczetmek

բռնադատել

ստիպել, հարկադրել, ճնշել
dayatmak, zorlamak

բռնազբօսիկ

կեղծ, անբնական, շինծու
sahte, yapmacık, zoraki

բռնաւոր

բռնակալ, բռնապետ, այն՝ որ կ՚ուզէ իր կամքը ուրիշներուն պարտադրել
diktatör

բռնել

ձեռքին մէջ առնել, ձերբակալել
tutmak

բռնի

բռնութեամբ, առանց մէկու մը կամքը նկատի ունենալու
zorla

բռնկիլ

այրիլ, վառիլ
alev almak

բռնկիլ

զայրանալ, բորբոքիլ
alevlenmek, parlamak

բռնութիւն

ուրիշին կամքը նկատի չունենալ, ստիպում, սաստկութիւն
şiddet, zor, baskı

բռնուիլ

ուրիշին ձեռքը անցնիլ, ձերբակալուիլ

բռունցք

ձեռք՝ մատները գոցած վիճակով, կռուփ
yumruk

բրածեծ

բիրով ծեծել (ոտքերը), գանակոծել
falaka

բրածոյ

հողին տակէն հանուած, հանածոյ
fosil

բրդեղէն

բուրդէ շինուած
yünlü

բրդուճ

հացի պատառ
lokma, dürüm

բրդուճ

որեւէ բանի կտոր, պատառիկ
lokma

բրինձ

ճերմակ հատիկներով ընդեղէն մը՝ որ կը բուսնի տաք կլիմային մէջ՝ ճախճախուտ տեղեր
pirinç