HAZIRLIK AŞAMASINDA

գահավիժիլ

բարձրէն իյնալ, գլորիլ
düşmek, uçmak, yuvarlanmak

գահաւորակ

հովանոցաւոր բարձր բազմոց մը՝ որուն մէջ կը նստին եւ ծառաներ ձեռքով կը փոխադրեն
tahtırevan

գահընկեց

գահէն ինկած, գահազուրկ եղած

գաղափար

բանի մը մասին հասկացողութիւն

գաղափար

հաստատ տեսակէտ, հայեցակէտ
fikir

գաղափարական

ինչ որ միայն երեւակայել կարելի է
fikri

գաղափարական

կատարելութեան հասած
ideal

գաղթ

իր երկրէն հեռանալ եւ ուրիշ երկրի մէջ բնակութիւն հաստատել
göç

գաղթական

այն՝ որ իր երկրէն հեռացած եւ ուրիշ երկրի մը մէջ բնակութիւն հաստատած է
muhacir, göçmen

գաղթավայր

այն տեղը՝ ուր կը գաղթեն եւ բնակութիւն կը հաստատեն

գաղթավայր

գաղութ

գաղթել

իր երկիրը թողուլ եւ ուրիշ երկիր երթալ
göç etmek

գաղութ

գաղթողներու բազմութիւն՝ կամ հոն՝ ուր գաղթականներ հաստատուած են
koloni

գաղութ

այն երկիրը՝ որուն քաղաքական եւ տնտեսական ինքնավարութիւնը օտար պետութեան մը տիրապետութեան տակ կը գտնուի
müstemleke, sömürge

գաղջ

տաք ու պաղի միջեւ, ոչ տաք-ոչ պաղ, եղկումեղկ
ılık

գաղտագողի

գողի պէս պահուըտելով, գաղտնի, ծածուկ, թաքուն
gizlice

գաղտնաբար

գաղտնի կերպով, առանց յայտնի ընելու

գաղտնապահութիւն

գաղտնիք պահել, մէկու մը ըսածը ուրիշին չըսել
gizlilik, sır saklama

գաղտնի

գաղտուկ, ծածուկ, թաքուն
gizli

գաղտնիք

գաղտնի բան, ինչ որ պէտք չէ ուրիշին իմացնել
sır, esrar