HAZIRLIK AŞAMASINDA

գաճ

տեսակ մը սպիտակ կիր՝ որ կը գործածուի պատերը ծեփելու եւ անդրիներ շինելու
alçı

գաճաճ

կարճահասակ, թզուկ
bodur, cüce

գամ

երկաթէ սրածայր ձողիկ՝ որ պատի կամ տախտակի մէջ կը մխուի, բեւեռ, սեպ
çivi

գամել

գամով ամրացնել, բեւեռել
mıhlamak

գամփռ

մեծ շուն՝ որ կը ծառայէ իբրեւ պահապան
çoban köpeği

գայթակղիլ

սխալիլ, մոլորիլ (հրապուրուելով)

գայթակղութիւն

այն չար օրինակը՝ որ մարդը կը մոլորեցնէ
skandal, rezalet, münasebetsizlik, kepazelik

գայթիլ

ոտքը սահիլ, սայթաքիլ
tökezlemek

գայլ

շունի նմանող գիշատիչ գազան մը
kurt

գայլիկոն

ծակելու գործիք, գչիր
burgu

գանակոծել

գաւազանով չարաչար ծեծել

գանգատ

բողոք, տրտունջ, դժգոհութիւն
şikâyet, itiraz

գանգատիլ

դժգոհութիւն յայտնել, բողոքել
şikâyet/itiraz etmek, yakınmak

գանգուր

ոլորուած, գռուզ (մազ)
kıvırcık

գանգրահեր

գանգուր մազերով

գանիլ

նողկանք զգալ, գարշիլ
tiksinmek

գանկ

գլխու ոսկորէ տուփը՝ որուն մէջ կը գտնուի ուղեղը
kafatası

գանձ

թանկագին իրերու ամբողջութիւնը, հարստութիւն
servet, hazine

գանձանակ

գանձարկղ, այն տուփը՝ որուն մէջ դրամ կը պահեն
kumbara

գանձապահ

գանձը պահող, այն անձը՝ որ դրամներ ստանալու եւ տալու պաշտօն ունի
hazinedar, veznedar