HAZIRLIK AŞAMASINDA

գաւառաբարբառ

որեւէ գաւառի մէջ խօսուող ժողովրդական լեզու

գաւառացի

գաւառի բնակիչ
taşralı

գաւիթ

տան բակը
avlu

գաւիթ

ոչխարները պատսպարելու տեղ, փարախ
ağıl

գաւիթ

եկեղեցիի ներքին մէկ բաժանումը

գգուանք

սէր ու քնքշութիւն, փայփայանք
okşama, okşayış, şefkat

գգուել

շոյելով եւ համբուրելով սիրել, փայփայել
(ruhunu) okşamak, bağrına basmak

Գեթսեմանի

Երուսաղէմի մօտ գիւղ մը՝ ուր Յիսուս վերջին անգամ աղօթեց

գեհեն

դժոխք, սանդարամետ
cehennem

գեղ

գեղեցկութիւն

գեղ

գիւղ
köy

գեղագիտական

գեղեցիկի գիտութեան վերաբերեալ

գեղագիտութիւն

գեղեցկագիտութիւն, գիտութիւն մը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ գեղեցիկը
estetik

գեղագրական

գեղեցիկ ձեռագիրներու վերաբերեալ
kaligrafik

գեղադէմ

գեղեցիկ դէմք ունեցող, գեղանի

գեղազարդ

գեղեցիկ զարդարուած, չքնաղ

գեղազմայլ

գեղեցիկ եւ զմայլեցուցիչ, շատ սքանչելի

գեղաթոյր

գեղեցկաթոյր, գեղեցիկ գոյն ունեցող

գեղածաղիկ

գեղեցիկ ծաղկած, չքնաղ

գեղածիծաղ

զուարթ եւ ժպտուն դէմքով, խնդումերես