գեղանի
շատ գեղեցիկ եւ շատ սիրուն
գեղապանծ
գեղեցիկ եւ պանծալի, հրապուրիչ, չքնաղ
գեղապաշտութիւն
գեղեցկապաշտութիւն, գեղեցիկը պաշտելու չափ սիրել
գեղարդ
նիզակի նմանող հին զէնք մը
mızrak
գեղարուեստ
այն եօթը արուեստները՝ որոնք գեղեցիկը կը պատկերացնեն (ինչպէս՝ երաժշտութիւն, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, բանաստեղծութիւն, պարարուեստ, ճարտարախօսութիւն, ճարտարապետութիւն)
güzel sanatlar
գեղափթիթ
գեղեցիկ կերպով ծաղկած
գեղգեղ
գեղգեղանք, թռչունի երգ (ձայնը թրթռացնելով), դայլայլ
ötüş, cıvıldama
գեղգեղել
թռչունի պէս երգել, դայլայլել
գեղերփնուիլ
գեղեցիկ գոյներով զարդարուիլ գեղեցիկ մարդու ճաշակին հաճելի, աղուոր
güzel
գեղեցկացնել
գեղեցիկ դարձնել, գեղեցկութիւն տալ
güzelleştirmek
գեղեցկութիւն
գեղեցիկ ըլլալու յատկութիւն
güzellik
գեղձ
մարմնին մէջ այն գործարանները՝ որոնք զանազան հիւթեր կ՚արտադրեն
gudde, (salgı) bez(i)
գեղմ
ոչխարի բուրդը, ասր
yapağı, yün
գեղուհի
գեղեցկուհի, շատ գեղեցիկ կին կամ աղջիկ
գեղջկուհի
գիւղացի կին կամ աղջիկ
գեղջուկ
գիւղի բնակիչ, գիւղացի, շինական
köylü
գեղօն
երգ ու նուագ
գեղօն
բանաստեղծութեան տեսակ մը (աւանդական եւ կամ գովաբանական բովանդակութեամբ)
balad
գետ
մեծ քանակութեամբ հոսուն ջուր՝ որ ծով կը թափի կամ ուրիշ գետի հետ կը խառնուի
nehir, ırmak
գետակ
փոքր գետ