HAZIRLIK AŞAMASINDA

գթութիւն

գութ, կարեկցութիւն, մարդասիրութիւն

գժտութիւն

յարաբերութեան խզում
küskünlük

գժտուիլ

յարաբերութիւնը խզել, սրդողիլ
küsmek

գի

գիհի, նոճիի նմանող ծառ մը
ardıç ağacı

գիժ

յիմար, ապուշ

գիծ

երկայնութիւն ցոյց տուող նշան
çizgi

գին

որեւէ բանի արժէքը, փոխարժէք
fiyat

գինարբուք

հացկերոյթի սեղան, կերուխում, խրախճանք

գինդ

օղ՝ զոր կիները կը գործածեն իբրեւ զարդ

գինեմոլ

գինիի կամ ոգելից ըմպելիի մոլի, խման
ayyaş, içkici, şarapçı

գինետուն

խանութ՝ ուր գինի կը ծախեն կամ գինի կը խմեն, կապելայ
meyhane

գինի

խաղողի ջուրէն պատրաստուած ոգելից ըմպելի
şarap

գինձ

բոյսի մը պտուղը՝ որ չամիչի կը նմանի եւ կը գործածուի իբրեւ համեմ
kişniş

գինովնալ

գինով դառնալ, արբենալ
sarhoş olmak

գիշախանձ

դիակ ուտող, գիշակեր

գիշակեր

հում միս կամ դիակ ուտող (գազան, թռչուն)
leş yiyen, leşçil

գիշատել

բզկտել, յօշոտել
paralamak

գիշատիչ

մարմինը ծուիկ-ծուիկ ընող, գիշատող
yırtıcı

գիշեր

օրուան այն ժամանակը՝ երբ արեւը հորիզոնին տակ կը գտնուի, մութ, խաւար
gece

գիշերազգեստ

գիշերուան զգեստ՝ զոր կը հագնին սենեակի մէջ
gecelik