HAZIRLIK AŞAMASINDA

գնայուն

քալող, շարժուն, գացող

գնացք

երթալու կերպ, ընթացք, ուղղութիւն
gidiş(at)

գնդակ

փոքր գունդ կամ գունդի ձեւ ունեցող իր
top(ak), bilye

գնդակ

փամփուշտ

գնդակահարել

հրացանով սպաննել, հրացանի բռնել
kurşuna dizmek

գնդամուղ

գնդակներու խաղ մը՝ զոր կը խաղան գաւազաններով՝ մասնաւոր սեղանի մը վրայ
bilardo

գնդապետ

զօրագունդի հրամանատար
albay

գնդասեղ

գնդաձեւ գլուխով ասեղ
topluiğne

գնդացիր

հրազէն մը՝ որ մեքենայօրէն գնդակներ կ՚արձակէ
makineli tüfek

գնդել

գնդակի պէս կլորցնել

գնել

ծախու առնել
satın almak

գնորդ

այն՝ որ գնել կ՚ուզէ
müşteri, satın alan

գնչու

թափառական ցեղ մը
çingene

գոգ

ծոց, գիրկ
kucak

գոգաւոր

ներսի կողմը փոսացած, գոգաձեւ
çukur, içbükey

գոգնոց

այն զգեստը կամ լաթը՝ որ հագուստը կը պահպանէ աղտէ կամ փոշիէ
önlük

գոգցես

կարծես
sanki

գոլ

տաքութիւն, կրակին բոցը

գոլորշի

շոգի, ջրաշոգի
buğu, buhar

գոհ

այն՝ որ ունեցածով կը բաւականանայ
memnun