աղտեղել
աղտոտել, պղծել, մրոտել
աղտեղի
աղտոտ, անմաքուր, զազիր
աղտոտ
աղտ ունեցող, անմաքուր
kirli, pis
աղցան
եփած կամ հում համեմուած բանջարեղէն
salata
աղքատ
դրամ չունեցող, չքաւոր, խեղճ, կարօտ
fakir, yoksul
աղքատ
մուրացկան, նուաստ
աղքատաբոյծ
աղքատները կերակրող
աղքատանի
աղքատներ
աղքատանոց
աղքատներու ապաւէն, անկելանոց
fakirhane
աղքատասիրութիւն
աղքատներուն օգնելու փափաք ունենալ
աղքատիմաց
կարճ խելքով, տխմար, ապուշ
աղօթագիրք
այն գիրքը՝ որուն մէջ աղօթքներ կը գտնուին
dua kitabı
աղօթատուն
աղօթատեղի, եկեղեցի, մատուռ
աղօթարան
եկեղեցի, տաճար
աղօթարան
արշալոյս, այգ
şafak
աղօթել
աղաչելով ուզել (Աստուծմէ)
dua etmek
աղօթք
աղաչանք՝ դիմում Աստուծոյ
dua
աղօթք
աղօթելու գործողութիւն կամ աղօթելու համար սահմանուած կարգ
dua, ayin
աղօտ
անփայլ, տմոյն, տժգոյն
աղօտ
ոչ-պարզ, անորոշ