HAZIRLIK AŞAMASINDA

գրագէտ

կարդալ-գրել գիտցող
okuryazar

գրագէտ

գրականութիւն մշակող, գրող
yazar

գրագիտութիւն

գրել-կարդալ գիտնալ

գրագիտութիւն

գրական կանոններու ուսումնասիրութիւն

գրագիտուհի

կին գրագէտ, կին գրող

գրագիր

գրասենեակի պաշտօնեայ՝ որուն գործն է արձանագրել կամ ընդօրինակել, քարտուղար
kâtip

գրադարան

դասաւորուած գիրքերու ժողովածոյ, մատենադարան
kitaplık

գրադարան

շէնք մը՝ ուր կը պահուին գիրքերու ժողովածոներ եւ ընթերցողը կրնայ ստանալ ու կարդալ, գրատուն
kütüphane

գրական

գրականութեան վերաբերեալ
edebi

գրականագէտ

գրականութեան հմուտ կամ գրականութեամբ զբաղող
edebiyatçı, yazınbilimci

գրականութիւն

ժողովուրդի մը խօսքով ստեղծագործութիւններուն ամբողջութիւնը

գրականութիւն

գրական գործերու ուսումնասիրութիւն.

գրականութիւն

արձակ կամ չափածոյ ստեղծագործութիւն
edebiyat

գրահաշիւ

ուսողութեան այն մասը՝ որուն մէջ թիւերու տեղ կը գործածուին գիրեր
cebir

գրահմուտ

գրականութիւն գիտցող

գրահմուտ

գրել-կարդալ գիտցող

գրամեքենայ

մեքենայ մը՝ որ գրելու կը ծառայէ
daktilo

գրաշար

տպարանի արհեստաւոր՝ որ տպագրական տառերը կը շարէ
mürettip, dizgici

գրասեղան

սեղան՝ որու վրայ կը գրեն
yazı masası, sıra

գրասէր

գիրքը կամ ընթերցումը սիրող
kitapsever