HAZIRLIK AŞAMASINDA

գրասէր

գրականութեան հետեւող
edebiyatsever

գրաստ

բեռնակիր անասուն (ձի, էշ, ջորի եւն.)

գրավաճառ

գիրքի առուտուր ընող
kitapçı

գրատախտակ

առհասարակ սեւ ներկուած դասարանի տախտակ՝ որու վրայ կը գրեն ճերմակ կաւիճով
(kara)tahta, yazı tahtası

գրատուն

այն շէնքը՝ ուր կը գտնուին զանազան գիրքեր ու ժողովածոներ
kitabevi

գրաւ

արժէքաւոր իր մը՝ զոր փոխառուն կու տայ իբրեւ ապահովութիւն
rehin, tutu

գրաւ

պայմանաւորում երկու անձի միջեւ՝ որոնք տարբեր բաներ կը պնդեն (գրաւը կը կորսնցնէ այն՝ որ կը սխալի)
bahis

գրաւական

գրաւ դրուած, երաշխաւորութիւն, առհաւատչեայ
güvence (parası), kefalet

գրաւել

ուրիշէ մը բռնի առնել
zaptetmek, fethetmek

գրաւել

իրեն քաշել, հրապուրել
cezbetmek

գրաւիչ

հրապուրիչ, զմայլելի, շատ գեղեցիկ
çekici, cazip

գրաւորապէս

գրաւոր, գրաւոր կերպով

գրաքննութիւն

գրուածքներու կամ գիրքերու վրայ կատարուած քննութիւն (կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ)
sansür

գրգալ

սիրով խնամել, գուրգուրալ

գրգանք

փափկութիւն, գգուանք, գուրգուրանք
naziklik, yumuşaklık, ilgi, şefkat, naz

գրգիռ

ազդեցութեան մը յարուցած հետեւանքը
tenbih

գրգիռ

դրդում, ազդակ
tahrik, dürtü, itki

գրգլեակ

պատռտած հագուստ, ցնցոտի

գրգռել

մէկու մը վրայ ազդելով զայն բանի մը մղել.

գրգռել

զայրոյթը շարժել, բարկացնել
kışkırtmak, tahrik etmek