HAZIRLIK AŞAMASINDA

դափնեպսակ

դափնիի տերեւներով շինուած պսակ (իբրեւ յաղթութեան նշան)

դափնեվարդ

վարդագոյն կամ ճերմակ ծաղիկներով մշտադալար՝ թունաւոր թուփ մը
zakkum

դափնի

մշտադալար ծառ մը՝ որուն տերեւներովը կը պսակէին յաղթական զինուորներուն ու բանաստեղծներուն ճակատը
defne

դգալ

սեղանի սպաս՝ որ ունի գոգաւոր մաս մը՝ ջրուտ կերակուրը բերան տանելու համար
kaşık

դդմաճ

տեսակ մը խմորեղէն՝ որմէ կերակուր կը պատրաստուի
makarna

դդում

դդմենի տունկին պտուղը
kabak

դդում

ապուշ, անմիտ

դեգերիլ

բանով մը զբաղիլ ու ատով ժամանակ անցընել, տնտնալ

դեգերիլ

աննպատակ պտտիլ, սլքտալ
dolaş(ıp dur)mak, gezinmek, gezinip durmak

դեդեւել

տատանելով քալել, տատանիլ, երերալ
sallanmak, yalpalamak

դեդեւուն

դեդեւկոտ, վարանոտ քայլերով, դողդոջուն

Դեկտեմբեր

տարուան տասներկրորդ կամ վերջին ամիսը
Aralık

դեղ

բժշկական կամ քիմիական նիւթ՝ որ կը գործածուի հիւանդութիւններու դէմ
ilaç

դեղագիր

բժիշկին պատուիրած դեղերուն ցանկը
reçete

դեղագործ

դեղեր պատրաստող ու ծախող
eczacı

դեղահատ

դեղի հատիկ (կլլելու համար պատրաստուած)
hap

դեղարան

դեղեր պատրաստելու կամ ծախելու խանութ
eczane

դեղձ

դեղձի կոչուած ծառին գնդաձեւ պտուղը
şeftali

դեղձանիկ

դեղին գոյնով քաղցրախօս թռչուն մը
kanarya

դեղնիլ

գոյնը դեղինի փոխուիլ, լեմոնի գոյն ստանալ
sararmak