HAZIRLIK AŞAMASINDA

դիմակաւոր

երեսին դիմակ ծածկած, ծպտուած
maskeli

դիմանալ

տեղի չտալ, դիմացկուն ըլլալ, տոկալ
dayanmak

դիմառնութիւն

ոճի ձեւ մը՝ որուն մէջ անշունչ առարկաներուն կու տանք շնչաւորի յատկութիւն կամ կը խօսեցնենք զանոնք
alegori

դիմաստուեր

երեսի մը շուքէն գոյացած պատկեր
siluet

դիմաց

դէմ, հանդէպ
karşı

դիմացկուն

հաստատուն, տոկուն, ամուր
dayanıklı

դիմաւոր

դէմք ունեցող (բայ)

դիմաւոր

դէմը ելլող, դիմաւորող

դիմաւորել

ընդունելութեան համար մէկու մը առջեւ ելլել
karşılamak

դիմել

երթալ, ուղղուիլ
yönelmek

դիմել

մէկու մը մօտը երթալ (օգնութիւն փնտռելու համար)
başvurmak

դիմորոշ

դէմք որոշող (յօդեր ինչպէս՝ ս, դ, ն կամ ը)

դիպակ

ոսկեթել մետաքսէ կերպաս
canfes

դիպակասքօղ

դիպակով սքօղուած կամ ծածկուած

դիպուած

պատահական դէպք, պատահար, արկած

դիտակ

տեսողական գործիք մը՝ որ հեռաւոր

առարկան

մօտիկ եւ որոշ ցոյց կու տայ
dürbün

դիտանոց

բարձր շէնք՝ ուրկէ կարելի է շատ հեռուները դիտել
gözetleme kulesi

դիտապաստ

դիակի պէս տապալած

դիտաւորութիւն

դիտում, նախապէս միտք դրուած նպատակ
niyet, maksat