HAZIRLIK AŞAMASINDA

դիւրաբար

դիւրութեամբ, առանց յոգնութեան

դիւրաբեկ

շուտ կոտրող
kırılgan

դիւրագրգիռ

շուտ յուզուող, դիւրաբորբոք, շուտ բարկացող

դիւրազգածութիւն

դիւրին զգածուիլ, շատ զգայուն ըլլալ
duyarlılık

դիւրաթեք

ճկուն, առաձգական, դիւրաւ դարձող
kolay eğilen, bükülgen, esnek

դիւրահաղորդ

դիւրաւ հաղորդակցող, շուտ բարեկամացող

դիւրահաւան

դիւրաւ հաւատացող, շուտ համոզուող, միամիտ

դիւրամատչելի

որուն կարելի է դիւրաւ մօտենալ, դիւրամատոյց

դիւրանալ

դիւրին դառնալ, պարզուիլ
kolaylaşmak

դիւրավառ

շուտ վառող, շուտ բռնկող

դիւրատար

դիւրաւ տարուող, թեթեւ

դիւրացնել

դիւրութիւն տալ, թեթեւցնել
kolaylaştırmak

դիւրաւ

դիւրին կերպով, առանց դժուարութեան
kolay(ca/lıkla)

դիւրին

առանց դժուարութեան կամ ծանր աշխատանքի, թեթեւ
kolay

դիւրութիւն

դիւրին ըլլալ, դժուարութեան հակառակը
kolaylık

դիւցազն

դիւցազուն, աստուածներէ սերած կամ ծնած, կիսաստուած

դիւցազնաբար

շատ մեծ քաջութեամբ, հերոսաբար

դիւցազնական

դիւցազուններու կամ հերոսներու յատուկ

դիւցազներգութիւն

դիւցազուններու մասին գրուած բանաստեղծութիւն
destan

դիւցազնութիւն

հերոսութիւն, քաջագործութիւն
kahramanlık