HAZIRLIK AŞAMASINDA

դիք

սուտ աստուածներ, չաստուածներ
tanrılar, putlar

դկուղ

դկուլ, լուբիայի տեսակ մը
börülce

դղեակ

ապարանք, պալատ

դղեակ

բարձունքի վրայ շինուած պալատ, ամրոց
şato

դղրդագին

շատ մեծ աղմուկով

դղրդիւն

սաստիկ աղմուկ, թնդիւն
gürleme, gümbürtü

դմակ

ոչխարի ճարպոտ պոչը
kuyruk

դնդեր

այն մկանները՝ որոնք մեր շարժումները կը դիւրացնեն
pazı

դնել

տեղաւորել, զետեղել
koymak

դշխոյ

թագուհի, իշխանուհի
kraliçe

դոհ

վախ, սարսափ, երկիւղ

դող

սարսուռ, մսելու կամ յուզումի պատճառով մարմնին կրած ցնցումը
titreme

դողալ

մսելու կամ յուզումի հետեւանքով սարսուռ զգալ
titremek

դողդղալ

դողդողալ, շարունակ դողալ
(tir tir) titremek

դողդողագին

դողդողալով, վախով, երկիւղով

դողդոջ

դողդոջուն, թրթռուն, դողդղացող

դողդոջել

դողդղալ, երերալ, տատանիլ
titremek, sallanmak

դողդոջուն

թրթռուն, երերուն, դողդոջ
titrek

դոյզն

քիչ, չնչին, աննշան
ufa(cı)k, azıc›k

դոյլ

հորէն ջուր քաշելու աման
kova