դուն
անձնական Բ դէմքի դերանուն
sen
դունչ
անասուններու կզակը, ցռուկ
çene
դունչ
մարդոց կզակէն մինչեւ քիթը
դուռ
շէնքի մը մուտքի շարժական մասը՝ որ կը բացուի ու կը գոցուի
kapı
դուստր
աղջիկ զաւակ
դուրս
արտաքին մաս, ինչ որ մէջը չէ
dışarı
դուք
յոգնակի Բ դէմքի անձնական դերանուն
siz
դուքս
ազնուականութեան աստիճան մը (իշխանէն վար՝ կոմսէն բարձր)
dük
դպիր
եկեղեցական երգիչ, տիրացու
դպիր
գրագիր, քարտուղար
դպչիլ
հպիլ, շօշափել
dokunmak
դպրապետ
դպիրներու պետը կամ վարժապետը
դպրատուն
դպրանոց, դպրոց
okul
դպրեվանք
հոգեւորականներու դպրոց՝ ուր յատկապէս կ՚ուսուցանեն կրօնական գիտելիքներ
ruhban okulu
դպրոց
կարդալ-գրել սորվելու տեղ, վարժարան
okul
դպրոցական
դպրոցի վերաբերեալ
դպրոցական
աշակերտ, ուսանող
դպրութիւն
դպիրի պաշտօն
դպրութիւն
մատենագրութիւն
դռնակ
փոքր դուռ կամ պզտիկ բացուածք