HAZIRLIK AŞAMASINDA

դրամատուն

պաշտօնական հաստատութիւն՝ որ տոկոսի փոխարէն դրամ կ՚առնէ ու կու տայ եւ առեւտրական ձեռնարկներու կ՚օժանդակէ
banka

դրամարկղ

արկղ կամ սնտուկ՝ ուր դրամ կը պահուի
(para) kasa(sı)

դրացի

դրկից, դռները կամ տուները իրարու մօտ, հարեւան
komşu

դրդապատճառ

դրդումի ազդակ, շարժառիթ
dürtü, saik

դրդել

մեղմօրէն գրգռել, թելադրել, մղել
dürtmek, kışkırtmak

դրժել

խոստումը կամ ուխտը չկատարել, դաւաճանել
dön(eklik et)mek

դրոշմ

կնիք, նշան, հետք
damga

դրոշմաթուղթ

զանազան արժողութեամբ փոքրիկ թուղթ՝ զոր կը փակցնեն նամակներու կամ փաստաթուղթերու վրայ
pul

դրոշմանիշ

ապրանքի մը վրայ դրուած նշան
marka

դրոշմել

դրոշմին պատկերը կամ գիրը հանել, կնքել
damgalamak, mühür basmak

դրոշմել

խարանել, քանդակել

դրուագ

մակերեսը զարդարող նիւթ
kaplama

դրուագ

պատմուածքի կամ վէպի մը անջատ մասերէն մէկը, միջադէպ
bölüm, parça

դրուատել

գովել, ներբողել
övmek

դրութիւն

վիճակ, կացութիւն
durum

դրութիւն

համակարգութիւն
sistem

դրուիլ

տեղ մը գրաւել, զետեղուիլ
konulmak, koyulmak

դրուիլ

սեպուիլ, համարուիլ

դրօշ

դրօշակ

դրօշ

քանդակուած պատկեր կամ արձան