եղանակ
կերպ, ձեւ, միջոց
tarz
եղանակ
երգի մը ձայներու յաջորդութիւնը
ezgi
եղանակ
տարուան չորս բաժանումները
mevsim
եղանակաւորել
եղանակը կամ կերպը փոխել
եղանակել
եղանակով երգել
եղբայր
ծնողքի մը մանչ զաւակը (միւս զաւակներուն նկատմամբ)
(erkek) kardeş
եղեամ
սառած ցօղ, սառած շաղ
kırağı
եղեգ
եղէգ, ուղղաձիգ ցօղունով ջրային բոյս մը
kamış
եղեգնուտ
հոն՝ ուր շատ եղեգ բուսած է
kamışlık
եղելութիւն
դէպք, իրողութիւն, պատահար
olay
եղեռն
ոճիր, ոճրագործութիւն
եղեռն
փորձանք
եղեռնադատ
այն դատարանը՝ որ կը քննէ ոճիրները կամ ծանր յանցանքները՝ որոնք խստութեամբ կը պատժուին
ağır ceza [mahkemesi]
եղերական
ողբալի, ողբերգական, խիստ տխուր
feci
եղերգ
եղերերգ, կարճ բանաստեղծութիւն՝ որ սուգ կամ տխրութիւն կ՚արտայայտէ
eleji, mersiye
եղերերգական
եղերերգին կամ եղերերգակին վերաբերեալ
եղերերգութիւն
եղերերգ, եղերգ, ողբերգութիւն
trajedi
եղեւին
մշտադալար ծառ մը
çam
եղինձ
բրինձէ կամ ձաւարէ պատրաստուած կերակուր
pilav
եղծել
եղծանել, աւրել, ջնջել, ապականել, խանգարել
bozmak, silmek