եռածալ
երեքի ծալլուած
üç(e) kat(lanmış)
եռամսեայ
երեք ամսուան (եռ՝ բարդութեան մէջ կը նշանակէ “երեք”. ինչպէս՝ եռամեայ = երեք տարուան. եռաձայն = երեք ձայնով եւն.)
եռանդ
աւիւն, աշխոյժ, ոգեւորութիւն
şevk
եռանդուն
եռանդոտ, խանդավառ, ոգեւորուած
եռանկիւն
երկրաչափական այն պատկերը՝ որ ունի երեք անկիւն եւ երեք կողմ
üçgen
եռապատիկ
երեք անգամը, երեքով բազմապատկուած
üç kat/misli
եռոտանի
երեք ոտք ունեցող
եռոտանի
երեք ոտքով առարկայ մը
sacayak
եռուզեռ
շարժում, իրարանցում (բազմութեան)
ես
Ա դէմքի անձնական դերանուն
ben
ես
անձնական շահը կամ անհատական կամքը
ego
եսասէր
եսամոլ, անձնասէր, այն՝ որ իր անձնական շահը կը մտածէ
egoist, bencil
ետ
մեր նայած կամ գացած կողմին հակառակ ուղղութիւնը
geri
ետեւ
ետին, մեր կռնակի կողմը, առջեւին հակառակը
arka
ետք
յետոյ, ապա, այնուհետեւ
sonra
երազ
մարդկային ուղեղի մաս մը կարողութիւններուն քունի մէջ յառաջ բերած պատկերներուն ամբողջութիւնը, անուրջ.
երազ
անիրական դէպք կամ վիճակ
rüya
երազական
երազի նմանող
երազական
երեւակայական
երազահան
երազներու մեկնութեան գիրք