HAZIRLIK AŞAMASINDA

երերալ

այս եւ այն կողմը շարժիլ, տատանիլ
sallanmak

երերուն

երերացող, դողդոջուն

երերցնել

երկու կողմին վրայ շարժել, ծածանել
sallamak

երեւալ

երեւնալ, երեւիլ, յայտնի կամ տեսանելի դառնալ, տեսնուիլ
görünmek

Երեւակ

երկրէն շատ աւելի մեծ մոլորակ մը
Satürn

երեւակայական

ինչ որ միայն երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի, անիրական, երազային
hayali

երեւակայել

մտքի մէջ պատկերացնել կամ մտքով ստեղծել
hayal etmek, düşünmek

երեւակայութիւն

հոգեկան կարողութիւն մը՝ որով կ՚ստեղծենք պատկերներ՝ որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին
hayal gücü, imgelem(e)

երեւան

ելլել մէջտեղ ելլել, յայտնուիլ
ortaya çıkmak, belirmek

երեւելի

նշանաւոր, անուանի, համբաւաւոր
meşhur

երեւիլ

երեւալ

երեւոյթ

արտաքին տեսք, կերպարանք
görüntü

երեւութական

ոչ-իրական, աչքի երեւցած

երեք

երկու առաւել մէկ կամ չորսէն մէկ պակաս
üç

Երեքշաբթի

շաբթուան երրորդ օրը (Գշ.)
Salı

երէ

որսի կենդանի (խոտակեր եւ վայրի)
av

երէզ

չմշակուած խոպան հող

երէկ

այսօրուընէ մէկ օր առաջ
dün

երէց

տարիքով աւելի մեծ, աւագ
büyük

երէց

քահանայ, տէրտէր
papaz