HAZIRLIK AŞAMASINDA

երէցկին

երիցուհի, քահանայի կին

երթ

երթալ բային արմատը, մեկնում
gidiş

երթալ

գտնուած տեղէն հեռանալ, մեկնիլ
gitmek

երթեւեկ

այն բոլորը՝ որ կ՚երթան-կու գան փողոցին մէջ
trafik

երիզ

նեղ ու երկայն լաթ, ժապաւէն
şerit

երիկամունք

մարմնին մէջ գտնուած այն զոյգ ձուաձեւ գործարանները՝ որոնց մէջէն արիւնը կ՚անցնի եւ հոն կը թողու աւելորդ նիւթերը՝ որոնք դուրս կ՚ելլեն իբրեւ մէզ
böbrek

երիվար

հեծնելու ձի, ընտիր ձի
(binek) at(ı)

երիտասարդ

քսանէն յիսուն տարեկանի միջեւ.

երիտասարդ

ուժեղ, առոյգ
genç

երիտասարդութիւն

պատանեկութեան եւ ծերութեան միջեւ եղած շրջանը.

երիտասարդութիւն

երիտասարդներու խումբ
gençlik

երկ

գրաւոր աշխատութեան արդիւնք, գրական կամ գիտական գործ
eser, yapıt

երկաթ

շատ գործածական եւ հաստատուն մետաղ մը
demir

երկաթագիր

հայերէն գիրերու հին ձեւ մը (գլխագրի նման)

երկաթագործ

երկաթէ իրեր շինող, դարբին
demirci

երկաթէ

երկաթեայ, երկաթէ շինուած
demir(den)

երկաթուղի

շոգեկառքի ճամբայ
ray, demiryolu

երկակենցաղ

թէ] ջուրի եւ թէ ցամաքի վրայ ապրող
ikiyaşayışlı

երկայն

(նիւթական գոյութիւններու համար) որուն երկու ծայրերը կամ հասակը շատ տեղ կը գրաւեն
uzun

երկայնութիւն

երկայնք, երկու ծայրերու հեռաւորութիւնը
uzunluk