HAZIRLIK AŞAMASINDA

զառիվար

զառիվայր, զառիթափ, բարձրէն դէպի ցած իջնող տեղ կամ ճամբայ
yokuş aşağı

զառիվեր

դարիվեր, ցածէն դէպի վեր բարձրացող տեղ կամ ճամբայ
yokuş yukarı

զատ

զատուած կամ բաժնուած, առանձին
ayrı

Զատիկ

Քրիստոսի յարութեան տօնը
Paskalya

Զատիկ

Հրեաներու Կարմիր )ովէն անցնելու տօնը, Պասեք

զատուիլ

բաժնուիլ, անջատուիլ
ayrılmak

զարգանալ

մտաւորապէս յառաջդիմել, ուսում առնել, բան սորվիլ
gelişmek, ilerlemek, bilgili olmak

զարգանալ

մեծնալ, աճիլ, բարգաւաճիլ
gelişmek, serpilmek

զարգացում

մտաւոր յառաջդիմութիւն, ուսում
bilgi

զարդ

զարդարանք, որեւէ բան՝ որ գեղեցկացնելու կը ծառայէ, պաճուճանք
süs

զարդասեղ

թանկագին քարով կամ ոսկեղէն զարդ՝ զոր կիները կը կրեն իրենց հագուստի կուրծքի մասին վրայ
broş

զարդարել

զարդերով գեղեցկացնել
süslemek

զարդարուիլ

գեղեցկանալու համար պէտք եղածը ընել, յարդարուիլ, պճնուիլ, պաճուճուիլ
süslenmek

զարդարուն

զարդարուած կամ շքեղ (որեւէ իր)
süslü

զարթնուլ

արթննալ, քունէն ելլել
uyanmak

զարթնում

զարթօնք, արթննալու վիճակ
uyanış

զարկ

հարուած, բախում
vuruş

զարկ

սրտի կամ բազկերակի բաբախում
atış

զարհուրանք

սարսափ, սոսկում, սաստիկ վախ, արհաւիրք
dehşet

զարհուրելի

սաստիկ վախ պատճառող, սոսկալի, սարսափելի
dehşetli