զարհուրիլ
սաստիկ վախնալ, սոսկալ, սարսափիլ, ահաբեկիլ, սասանիլ, քստմնիլ
dehşete düşmek, korkuya kapılmak
զարմ
նոյն ծնողքէն ծնած սերունդ, տոհմ
soy
զարմանազան
զարմանալի եւ զանազան տեսակներով, պէս-պէս
türlü çeşitli, acayip
զարմանալ
բան մը անսովոր նկատել եւ ապշիլ
şaşmak, hayret etmek
զարմանալի
զարմանք պատճառող, ապշեցուցիչ
զարմանահրաշ
զարմանալի եւ հրաշալի, շատ սքանչելի
զարմանք
զարմացում, խելքէ դուրս բանի մը առջեւ շուարիլ մնալ, ապշութիւն, արմանք-զարմանք
hayret
զարմիկ
հօրաքրոջ կամ մօրաքրոջ՝ հօրեղբօր կամ մօրեղբօր զաւակ
kuzen
զարնել
հարուածել, ծեծել
vurmak
զարնել
մեռցնել, սպաննել
զարնուիլ
բախիլ, ընդհարիլ
çarpışmak
զարնուիլ
վիրաւորուիլ կամ սպաննուիլ
vurulmak
զարնուիլ
սիրահարիլ
vurulmak
զարտուղի
ուղիղ ճամբէն շեղած
aykırı
զարտուղի
սովորական կանոնէն դուրս
զարտուղի
ոչ-ուղիղ, խոտորնակ
զարտուղութիւն
շեղում (ուղիղ ճամբէն կամ սովորական կանոններէն)
aykırılık, düzensizlik, sapkı, anomali
զաւակ
ծնողքի մը՝ աղջիկը եւ կամ մանչը, որդի
evlat
զաւեշտ
ծաղրածութիւն, կատակ
զաւեշտ
ծիծաղաշարժ կամ ծաղրական թատերական գրուածք
komedi