HAZIRLIK AŞAMASINDA

զգայուն

զգալու կարողութիւն ունեցող, դիւրազգած
hassas, duyarlı

զգայռել

կերածը վեր տալ, բխկալ
geğirmek, kusmak

զգաստ

խելքը գլուխը, արթուն, խոհեմ, ուշիմ

զգաստանալ

խելօքնալ, խելքը գլուխը ժողվել
ayılmak, uslanmak

զգացնե

հասկցնել, գիտցնել, իմացնել
hissettirmek

զգացողութիւն

զգացութիւն, զգալու կարողութիւն

զգացում

զգալու կամ բարոյական տպաւորութիւններ կրելու գիտակցութիւն
his, duygu

զգենուլ

հագնիլ կամ իր վրայ կրել, հագուիլ
bürünmek, giyinmek

զգեստ

մարմնի մերկութիւնը ծածկելու լաթ, հագուստ, ձորձ
elbise

զգեստեղէն

զգեստի կամ հագուստի վերաբերեալ

զգետնել

գետին զարնել
yere vurmak/sermek/.almak.

զգետնել

գետնին տակ անցընել

զգլխել

խելքը գլխէն առնել, հրապուրել, գինովցնել
mest etmek, aklını başından almak, baştan çıkarmak

զգլխիչ

հրապուրիչ, հմայիչ, դիւթիչ, գինովցնող

զգոյշ

ուշադիր, շրջահայեաց, արթուն
ihtiyatlı, sakıngan

զգուշանալ

ուշադիր ըլլալ

զգուշանալ

հեռու կենալ, չվստահիլ
sakınmak

զգուշաւորութիւն

զգուշութիւն, ուշադիր եւ շրջահայեաց ըլլալ

զգուշութիւն

շրջահայեցութիւն, խոհեմութիւն

զգօն

խոհեմ, խելօք, լուրջ եւ իմաստուն
bilinçli, akıllı