զեխ
զեղխ, շռայլ, անժուժկալ, ցոփ
müsrif
զեկոյց
զեկուցում, որեւէ խնդրի մասին պաշտօնական տեղեկութիւն, յայտարարութիւն
bildiri
զեղծարար
զեղծում ընող, խարդախ, խաբեբայ
զեղծում
իրաւասութիւնը չարաչար գործածել, խարդախութիւն
suistimal, yolsuzluk
զեղուլ
լեփլեցուն ընել (դուրս թափելու չափ)
զեղուն
լեփլեցուն, յորդառատ
(dop)dolu
զեղչ
ապրանքի մը գինին վրայ կատարուած յապաւում
iskonto, indirim
զեղչուիլ
պակսեցուիլ, կրճատուիլ
զեղչում
խօսքի մը մէջ գտնուած երկրորդական կամ աւելորդ բառերուն յապաւումը
զենիթ
(օտար բառ) ամենաբարձր, գագաթնակէտ
զենուլ
գլուխը կտրել եւ մորթազերծ ընել, մորթել
զեռուն
սողուն (ինչպէս՝ կրիայ, մողէզ, օձ եւն.)
sürüngen
զետեղել
տեղաւորել, դնել, հաստատել
yerleştirmek
զերթ
զերդ, նման, պէս, ինչպէս, իբրեւ
gibi, misali
զերծ
ազատ, ապահով
muaf, azade
Զեւս
յոյն դիցաբանութեան մէջ գերագոյն աստուածը՝ որ կը համապատասխանէ Արամազդին
Zeus
զեփիւռ
մեղմ եւ հաճելի հով, սիւք
meltem
զզուիլ
անտանելի նկատել, ձանձրանալ
bezmek
զզուիլ
գանիլ, խորշիլ, նողկալ
զէնք
թշնամիին վրայ յարձակելու կամ թշնամիէն պաշտպանուելու գործիք
silah