HAZIRLIK AŞAMASINDA

զիստ

ազդր, կոնքէն մինչեւ ծունկ
kalça

զիրար

իրար, մէկզմէկ (անձնական փոխադարձ դերանուն)

զլանալ

իրաւունքը չտալ, զրկել, խնայել
esirgemek

զղջալ

ըրածին կամ չըրածին համար ցաւ զգալ, ափսոսալ, ապաշաւել
pişman olmak

զղջում

զիղջ, ապաշաւութիւն, ափսոսանք
pişmanlık

զմայլելի

հիանալի, սքանչելի, հրաշալի

զմայլիլ

հիանալ, սքանչանալ, յափշտակուիլ
hayran olmak/kalmak

զմայլուն

զմայլիկ, զմայլած, հիացած
hayran

զմելի

գրպանի փոքրիկ դանակ
çakı

զմռսել

մեռեալին մարմինը հականեխիչ նիւթերով եւ անուշահոտ զմուռսով պատել
tahnit etmek, mumyalamak

զմրխտափայլ

զմրուխտի պէս փայլող

զմրուխտ

կանանչ գոյնով թանկագին քար մը
zümrüt

զննել

զգայարաններու միջոցաւ քննել, հետազօտել, դիտել
tetkik etmek, incelemek

զոհ

աստուածներուն մատուցուած նուէր, ողջակէզ
kurban

զոհ

ուրիշին պատճառաւ վնասի ենթարկուած (անձ)

զոհաբերութիւն

զոհ մատուցանելու կրօնական արարողութիւն

զոհաբերութիւն

լաւ նպատակի մը համար կատարուած նուէր՝ որ ընողին զրկանք կը պատճառէ
fedakârlık

զոհել

զոհ ընել, ողջակիզել
kurban etmek

զոհողութիւն

անձնուիրութիւն, զոհաբերութիւն
fedakârlık, özveri

զոյգ

երկու հատ՝ որոնցմէ մէկը՝ միւսը կ՚ամբողջացնէ
çift