զով
հաճելի չափով պաղ, պաղուկ
serin
զովարար
զովացուցիչ, զովութիւն բերող
serinletici
զովութիւն
հաճելի կամ թեթեւ պաղ, զով
serinlik
զորօրինակ
օրինակի համար, ինչպէս որ
mesela, örneğin
զուարթ
ուրախութիւն արտայայտող, ժպտերես
neşeli, şen
զուարթաչու
զուարթօրէն թռչող գացող, զուարթաթռիչ
զուարթութիւն
արտայայտուած ուրախութիւն
neşe
զուարթուն
արթուն, առանց քնանալու հսկող (հրեշտակ)
զուարթօրէն
ուրախ զուարթ, զուարթաբար
զուարճալի
ուրախացնող
hoş, neşeli
զուարճալի
խնդացնող, ծիծաղաշարժ
eğlendirici
զուարճախօս
զուարճալի բաներ պատմող, կատակախօս
nüktedan, nükteci, esprili
զուարճանալ
հաճոյք եւ ուրախութիւն զգալ, զբօսնուլ
eğlenmek
զուարճացնել
հաճոյք եւ ուրախութիւն պատճառել
eğlendirmek
զուգադիպիլ
միեւնոյն ատեն պատահիլ, հանդիպիլ
denk gelmek, rast gelmek
զուգակշիռ
նոյն ծանրութիւնը ունեցող, հաւասարակշիռ
denk, muadil
զուգակշիռ
բաղդատութիւն, համեմատութիւն
kıyas
զուգահեռագիծ
այն քառանկիւնը՝ որուն հակադիր կողմերը իրարու զուգահեռական են
paralelkenar
զուգահեռական
ամէն կէտի վրայ իրարմէ հաւասար հեռաւորութիւն ունեցող (գիծեր)
paralel
զուգորդութիւն
յիշողութեան մէջ իրարմէ ծնունդ առած գաղափարներու կամ պատկերներու կապակցութիւն
çağrışım