HAZIRLIK AŞAMASINDA

թռչներէն

գործածուած է “թռչուններու խօսած լեզուն” իմաստով
kuş dili

թռչնիկ

փոքր թռչուն, թռչնակ

թռչուն

այն երկոտանիները՝ որոնց մարմինը ծածկուած է փետուրներով եւ կրնան թռչիլ իրենց թեւերուն շնորհիւ
kuş

թռցնել

ազատ ձգել՝ որ թռչի
uçurmak

թռցնել

փախցնել.

թռցնել

գողնալ (առանց յայտնի ընելու)

թրաձուկ

համեղ միսով մեծ ձուկ մը՝ որ գլխուն վրայ ունի սուրի նման ժանիք մը
kılıçbalığı

թրթուր

օղակաւոր մարմնով տեսակ մը միջատ, որդ
tırtıl

թրթռալ

կարճ եւ արագ երերալ, դողդղալ
titreşmek

թրթռում

թրթռալու վիճակ կամ շարժում
titreşim

թրթռուն

թրթռացող, դողդղացող
titrek, titreşen

թրիք

անասունի աղբ (ձիու, կովու, եզան, գոմէշի), քակոր
gübre, hayvan dışkısı

թրծել

կաւէ ամանը փուռի մէջ եփել (կարծրացնելու համար)
pişirmek

թրծուիլ

լաւ մը եփիլ (փուռի մէջ)

թրծուիլ

փորձառութեան տէր դառնալ
pişmek

թրջիլ

թաց ըլլալ
ıslanmak

թրջոց

թրջելու վիճակի մէջ (դրուած)

թրվռուն

թռվռուն, թրթռուն

թրվռուն

ուրախ-զուարթ ցատքռտելով

թրքահայ

Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ