HAZIRLIK AŞAMASINDA

թփուտ

թուփերով ծածկուած տեղ

թփրտուք

թփրտիւն, կոխելու՝ եւ կամ մարմնի մը իյնալու ատեն հանած ձայնը
tıpırtı

թքնել

թուքը բերնէն դուրս նետել
tükürmek

թքոտել

թուք քսել կամ թուքով թրջել
tükürüklemek

թօթափել

շարժելով վար ձգել, թափել
silkelemek

թօթափել

ազատիլ
silkip atmak

թօթափիլ

թափիլ, իյնալ
dökülmek, düşmek

թօթափում

թափելու գործողութիւն

թօթափում

վիճակէ մը ազատելու համար կատարուած ճիգ
silkinme

թօթվել

թօթուել, թափ տալ, ցնցել, շարժել
silkmek, sallamak

թօշ

շատ լայն

թօշնիլ

թառամիլ, թարշամիլ, թոռմիլ, խամրիլ
solmak

Ժ

տասը կամ տասներորդ (ԺԱ = 11, ԺԲ = 12, ԺԹ = 19 ԱԳ )

ժահր

թոյն, մահադեղ

ժահր

թարախ

ժահր

տեսակ մը մանրէ
virüs

ժամ

վաթսուն վայրկեան
saat ( = 60 dakika)

ժամ

օրուան մէջ որոշ ժամանակ մը

ժամ

եկեղեցի

ժամագործ

ժամացոյց նորոգող եւ կամ ծախող
saatçi