HAZIRLIK AŞAMASINDA

լախտ

ծայրը գնդաձեւ բիր, մահակ
topuz, lobut

լակոնական

կարճ եւ վճռական (խօսք)
kestirme, veciz

լակոտ

լաճ, անառակ մանչուկ

լակոտ

շան ձագ
enik

լամբար

լամբ, լուսատու առարկայ
lamba

լայն

ընդարձակ տարածութիւն ունեցող, ոչ-նեղ
geniş

լայնաբաց

երկու կողմի վրայ լայն բացուած

լայնածաւալ

լայնատարած, լայն ծաւալ ունեցող, ընդարձակ
geniş(çaplı), kapsamlı

լայնարձակ

լայնատարած, ընդարձակ

լայնշի

լայնկեկ, բաւական լայն
genişçe

լայնութիւն

լայնքի չափը
genişlik

լանջապանակ

կուրծքը պահպանելու զրահ

լանջք

կուրծք
göğüs

լաչակ

նուրբ կերպասէ գլխու եւ մասամբ երեսի ծածկոյթ, քօղ
leçek

լապտեր

լամբար, ճրագ
fener

լաստ

միացուած լայն ու խոշոր տախտակներ (ջուրի վրայ ճամբորդելու համար)
sal

լաստակ

վրան բարձրանալու համար շինուած տախտակամած,
kalas, iskele

լաստակ

փոքր լաստ

լար

որեւէ նիւթէ շինուած թել
tel

լար

աղեղի մը