HAZIRLIK AŞAMASINDA

լորտ

ծոյլ, յոյլ, դանդաղ, մեղկ

լու

արիւն ծծող մակաբոյծ միջատ մը
pire

լուալ

ջուրով մաքրել
yıkamak

լուացք

ճերմակեղէն լուալու գործողութիւն
çamaşır

լուծ

փայտէ ձող (եզները լծելու)
boyunduruk

լուծ

ծանր պարտաւորութիւն, գերութիւն

լուծել

տարբաղադրել, քակել
çözmek, halletmek

լուծել

հալեցնել
eritmek, çöz(ündür)mek

լուծոյթ

հեղուկ՝ մէջը լուծուած նիւթով
çözelti

լուծում

քակելու գործողութիւն
çözüm

լուծում

նախադասութեան մէջ բառերուն տեսակը եւ պաշտօնը ճշդել, վերլուծում
çözümleme

լուծք

լուծը քաշող զոյգ մը եզ
çift

լուծք

բեռ

լուղակ

ձուկի թեւ (լողալու). լողաթեւ
yüzgeç

լուղորդ

լողացող (մարդ)
yüzücü

լուռ

առանց խօսելու, անխօս

լուռ

անձայն, անշշուկ
sessiz

լուսաբաղձ

լոյսի փափաքող կամ լոյսի կարօտ

լուսաբանել

հասկնալի դարձնել, բացատրել
aydınlatmak

լուսազարդուիլ

լոյսով զարդարուիլ, պայծառանալ
ışıklandırılmak, ışıkla donatılmak, aydınlatılmak