HAZIRLIK AŞAMASINDA

լուսաթաթաւ

լոյսի մէջ թաթխուած, պայծառ

լուսածագ

լուսաբաց, լոյսը ծագելու ատենը

լուսածաղիկ

լոյսի պէս ծաղկած կամ լոյսով ծաղկած

լուսահոգի

մեռած (մարդ), հանգուցեալ
rahmetli

լուսաղբիւր

առողջարար աղբիւր (ուխտավայր)
ayazma

լուսաճաճանչ

լոյսի ճառագայթներ արձակող, լուսաշող, լուսափայլ

լուսամիտ

մտքով լուսաւորուած, զարգացած
aydın

լուսամուտ

շէնքի մէջ՝ լոյս մտնելու անցք
aydınlık

լուսամփոփ

լոյսը չցրուելու կամ ամփոփելու համար շինուած կազմած
abajur

լուսանկար

մեքենայով քաշուած պատկեր
fotoğraf

լուսանկարիչ

պատկեր քաշող արուեստագէտ
fotoğrafçı

լուսանկարչութիւն

պատկերահանութիւն
fotoğrafçılık

լուսանձրեւ

գործածուած է “լոյսի անձրեւ” կամ “անձրեւի պէս իջնող լոյս՝ լուսեղէն անձրեւ” իմաստով

լուսաշտարակ

ծովեզերեայ բարձրադիր լոյս, փարոս
(deniz) fener(i), çakar

լուսասփիւռ

լոյս սփռող կամ տարածող

լուսավառ

լոյսի պէս վառ, փայլուն

լուսավառութիւն

ամէն կողմ լոյս վառել (տօնական օրերու), լուսազարդում
donanma, aydınlatma

լուսատենչ

լոյսը սաստիկ սիրող, լուսաբաղձ

լուսատես

լոյս տեսնող

լուսատես

փայլուն