HAZIRLIK AŞAMASINDA

կարեկցիլ

մեղքնալ, խղճալ, արգահատիլ
acımak

կարեկցիլ

ուրիշին նեղութեան համար ցաւ զգալ

կարեկցութիւն

գութ, արգահատանք
acıma, merhamet

կարենալ

կրնալ, ընելու ի վիճակի ըլլալ, կարողանալ

կարեվէր

ծանր վէրք ունեցող, խոր խոցուած

կարեւոր

անհրաժեշտ, հարկաւոր
önemli

կարեւոր

արժէքաւոր

կարեւորագոյն

ամէնէն կարեւորը

կարեւորութիւն

անհրաժեշտութիւն
önem

կարեւորութիւն

արժէք

կարթ

ձուկ որսալու ասեղ (կեռի ձեւով)
olta

կարթել

կարթով որսալ

կարթել

ծուղակը ձգել

կարիճ

թունաւոր մեծ միջատ մը
akrep

կարիք

պահանջք, պէտք
ihtiyaç

կարծել

հաւանական նկատել
sanmak

կարծել

խորհիլ, մտածել

կարծիք

խորհուրդ, գաղափար, համոզում (սխալ կամ ճիշդ)
fikir, tahmin

կարծր

ոչ-կակուղ, պինդ, ամուր
sert, katı

կարծրանալ

կարծր դառնալ, պնդանալ, ամրանալ