HAZIRLIK AŞAMASINDA

հացագործութիւն

հաց պատրաստելու արհեստ
ekmekçilik

հացկատակ

ուրիշներուն տունը կշտացող, պնակալէզ, սեղանաբոյծ
dalkavuk

հաւ

աքլորին էգը
tavuk

հաւ

մեծ հայր, պապ
dede

հաւանական

խելքի մօտիկ
makul

հաւանական

ընդունելի
olası, muhtemel

հաւանիլ

հաւանութիւն տալ, ընդունիլ
kabul etmek

հաւանութիւն

համաձայնութիւն, հաճութիւն
olur

հաւանօրէն

հաւանաբար, հաւանական է որ

հաւասար

միեւնոյն չափը ունեցող
eşit

հաւասարակշռութիւն

հաւասար եւ հակառակ ոյժերու ազդեցութեան ենթարկուած մարմնի մը վիճակը

հաւասարակշռութիւն

կանգուն դիրք (առանց մէկ կողմ ծռելու կամ իյնալու)
denge

հաւասարապէս

հաւասար չափով՝ կամ կերպով

հաւասարիլ

հաւասար ըլլալ

հաւասարիլ

նմանիլ

հաւասարութիւն

նոյնութիւն, նմանութիւն
eşitlik

հաւասարութիւն

հաւասար պայմաններու մէջ գտնուիլ

հաւաստել

բանի մը ճշդութիւնը հաստատել, վստահեցնել
temin etmek

հաւաստի

ճիշդ, ստոյգ, վստահ, հաստատ
güvenilir

հաւաստիք

ապահովութիւն, երաշխիք,
teminat, güvence