HAZIRLIK AŞAMASINDA

հաւատալ

իբրեւ ճշմարիտ ընդունիլ (առանց դրական ապացոյցի

հաւատալ

վստահիլ
inanmak

հաւատալի

որուն կարելի է հաւատալ

հաւատարիմ

վստահելի, անկեղծ

հաւատարիմ

խօսքը յարգող, չխաբող, պարկեշտ
sadık

հաւատարմութիւն

պարկեշտութիւն, ուղղամտութիւն
sadakat

հաւատարմութիւն

վստահութիւն,
güven

հաւատացեալ

որեւէ կրօնական դաւանանքի պատկանող, կրօնասէր
mümin, dindar

հաւատք

որեւէ բանի մասին բուռն համոզում (ինչպէս՝ կրօնքի մէջ)
iman, inan.

հաւաքաբանութիւն

տրամաբանական ապացոյց (երեք նախադասութիւնով)
kıyas, tasım

հաւաքաբար

հաւաքական կերպով, խմբովին
topluca

հաւաքածոյ

ժողովածոյ (զանազան իրերու)
koleksiyon

հաւաքական

մէկէ աւելի անձերու պատկանող,խմբովին
toplu

հաւաքական

ընդհանուրին վերաբերեալ, ընկերային
toplumsal

հաւաքականութիւն

համայնք, ժողովուրդ
toplum

հաւաքատեղի

հաւաքուելու տեղ, ակումբ
lokal

հաւաքել

ժողվել, դիզել, խմբել
toplamak

հաւաքոյթ

զանազան անձերու հաւաքում (որոշ նպատակով մը), ժողով
toplantı

հաւաքուիլ

տեղ մը ժողվուիլ, խմբուիլ
toplanmak

հաւկիթ

հաւէն կթուած, ձու
yumurta