HAZIRLIK AŞAMASINDA

հեռ

հակառակութիւն, կռիւ

հեռ

նախանձ

հեռագիր

երկու կայաններու միջեւ գրաւոր հաղորդակցութիւն (ելեքտրական հոսանքի միջոցաւ)
telgraf

հեռադիտակ

հեռուն ցուցնող գործիք
dürbün

հեռալուր

հեռուէն լսուած

հեռակայ

հեռուն գտնուող
uzak(taki)

հեռաձայն

երկու տեղի միջեւ խօսակցութիւնը փոխադրող գործիք, հեռախօս
telefon

հեռանալ

գտնուած տեղէն բաժնուիլ, երթալ
uzaklaşmak

հեռանկար

հեռապատկեր, առարկայի մը գծագրուած նկարը՝ աչքին պատկերացած ձեւով
perspektif

հեռանկար

յոյս, ակնկալութիւն

հեռաստան

հեռու տեղ, հեռու երկիր

հեռատես

հեռաւոր առարկաները տեսնող
uzağı gören

հեռատես

ապագան նկատի առնող, խոհեմ
uzak görüşlü

հեռացնել

հեռուն տանիլ
uzaklaştırmak

հեռացնել

վտարել

հեռաւոր

հեռուն գտնուող
uzak, ücra

հեռաւորութիւն

երկարութիւն (երկու կէտի միջեւ)
uzaklık, mesafe

հեռաւորութիւն

տեւողութիւն, միջոց

հեռու

մօտին հակառակը, հեռաւոր
uzak

հեստութիւն

անհնազանդութիւն, ընդվզում