HAZIRLIK AŞAMASINDA

հինաւուրց

հին օրերու, վաղեմի
kadim, eski günlerdeki

հինգ

չորսէն մէկ աւելի կամ վեցէն մէկ պակաս
beş

Հինգշաբթի

շաբթուան հինգերորդ օրը (Եշ.)
Perşembe

հինուկ

հինցած, բաւական հին կամ մաշած

Հիպպոկրատ

շուրջ 2500 տարի առաջ ապրած յոյն բժիշկ մը՝ որ կոչուած է “բժշկութեան հայրը”

հիռ գալ

ժուռ գալ, ման գալ, պտտիլ

հիր

մանիշակագոյն

հիր

գործածուած է նաեւ՝ “կարմիր” իմաստով

հիրիկ

տեսակ մը ծաղիկ
susam çiçeği, iris

հիւանդ

առողջութիւնը խանգարուած, վատառողջ, տկար
hasta

հիւանդագին

ծանրապէս հիւանդ

հիւանդանոց

հիւանդները բժշկելու եւ խնամելու հաստատութիւն
hastane

հիւանդութիւն

առողջութեան խանգարում, ախտ,
hastalık

հիւթ

սնուցիչ հոյզ կամ աւիշ (զանազան մարմիններու, բոյսերու եւ պտուղներու մէջ)
öz, hülasa, (öz)su, usare, besisuyu

հիւթեղ

սննդարար, պարարտ,
özlü, usareli

հիւլէ

մարմիններու ամենափոքր մասնիկը,
atom

հիւծախտ

մարմինը մաշեցնող հիւանդութիւն,
verem

հիւծիլ

հալիլ, մաշիլ, հատնիլ, ծիւրիլ
erimek, süzülmek

հիւղ

հիւղակ, փոքր տնակ, խրճիթ
kulübe

հիւպատոս

օտար պետութեան մը գործակալը
konsolos