HAZIRLIK AŞAMASINDA

հնարուիլ

մէջտեղ ելլել (որպէս նոր բան)
icat edilmek

հնարք

ճարտարութիւն, հնարագիտութիւն
yaratıcılık

հնարք

վարպետութիւն, ճարպիկութիւն
incelik

հնարք

խորամանկութիւն

հնդկական

հնդիկ ժողովուրդին՝ կամ Հնդկաստանի վերաբերեալ

հնդկահայ

Հնդկաստանի մէջ ապրող հայ

հնդկահաւ

ընտանի հաւազգի մը
hindi

հնէաբանութիւն

գիտութիւն մը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ հին էակները (բրածոյ կենդանի եւ բոյս)
paleontoloji

հնձան

շատ մեծ տակառ՝ որուն մէջ խաղող կը ճմլեն (գինի շինելու համար)
üzüm ezme teknesi

հնձել

արտի բերքը կամ բոյսերը կտրել (գերանդիով կամ մեքենայով), քաղել
biçmek

հնձուիլ

սուր գործիքով կտրուիլ

հնոց

մեծ վառարան
ocak

հնոց

փուռ
fırın

հնչականութիւն

բառերու հնչումներուն ներդաշնակութիւնը (ոտանաւորի մէջ)

հնչեակ

այն ոտանաւորը՝ որուն մէջ տունը վեց կամ ութը տողէ բաղկացած է

հնչեակ

այն ոտանաւորը՝ որուն առաջին երկու տուները կը բաղկանան չորս տողերէ եւ մնացեալ երկու տուները՝ երեք տողերէ
sone

հնչել

հնչիւն՝ կամ ձայն հանել
çınlamak, ötmek, çalmak, telaffuz etmek

հնչիւն

ականջով լսելի ձայն (մարդկային լեզուի՝ կամ նուագարանի),
ses

հնչուիլ

լսելի ըլլալ, արտասանուիլ

հնչում

ձայն
ses