հոգեկցորդ
հոգիով կապուած, ամենասիրելի
հոգեհանգիստ
ննջեցեալի համար կատարուած՝ կրօնական արարողութիւն
հոգեղէն
հոգիէ բաղկացած, աննիւթական, անմարմին
հոգեշահ
հոգիին օգտակար (քարոզ, խրատ)
հոգեշունչ
Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած
հոգեպաշտութիւն
այն փիլիսոփայութիւնը՝ որ կ՚ընդունի աննիւթ էակներու գոյութիւնը (ինչպէս՝ հոգի, հրեշտակ, Աստուած եւն.)
tinselcilik, spiritüalizm
հոգեպարար
հոգին լեցնող՝ կամ զուարթացնող
հոգեվար(ք)
մեռնելու մօտ, մահամերձ
can çekiş(me)
հոգեցունց
հոգիին վրայ ազդող եւ յուզող
հոգեւոր
կրօնական
dini
հոգեւոր
աննիւթական
manevi
հոգեւորական
կղերական, եկեղեցական
ruhani
հոգի
մարդ, անձ
kişi
հոգի
ներքին աշխարհ կամ բարոյական նկարագիր
հոգի
կենդանութիւն, շունչ,
can
հոգի
աննիւթական գոյութիւն՝ որ կը կարծուի թէ մարմնէն անկախ է՝ եւ երբ մարդ մեռնի՝ կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել
ruh
հոգոց
հանել յոգւոց հանել, ա՜խ քաշել (խոր ու երկար), հառաչել
ah çekmek
հոդ
այդտեղ
şura(sı/da/ya)
հոլ
կոնաձեւ խաղալիք մը՝ զոր տղաք կը դարձնեն մտրակի հարուածներով եւ կամ վրան փաթթուած թելով
topaç
հոլաթեւ
թեւերը մերկ՝ կամ բաց