հոմանիշ
համանիշ, նոյն նշանակութիւնը ունեցող (բառ),
anlamdaş
Հոմերոս
շուրջ երեսուն դար առաջ ապրած՝ մեծահռչակ յոյն բանաստեղծ՝ որ անմահացած է երկու դիւցազներգութիւններով՝ “Իլիական” եւ “Ոդիսական”
հոյակապ
շքեղ, փառաւոր (որպէս մեծ)
muazzam
հոյաշէն
հոյակապ կերպով շինուած
հոյզ
հիւթ՝ կամ օգտակար հեղուկ
(öz)su
հոյլ
խումբ, բազմութիւն, երամ
küme, takım
հոյն
հոյնիին պտուղը, զողալ,
kızılcık
հոն
այնտեղ
ora(sı/da/ya)
Հոռի
հայոց Բ ամիսը (Սեպտեմբեր)
հոս
այստեղ
bura(sı/da/ya)
հոսանուտ
հոսող, հեղուկ, ծորուն
akışkan
հոսանք
գնացք, ընթացք, շարժում (ջուրի կամ օդի)
akıntı
հոսանք
ելեքտրական ոյժ
cereyan, akım
հոսեցնել
վազցնել, ծորել, թափել (հեղուկ մը)
akıtmak
հոսիլ
որոշ ուղղութեամբ վազել (հեղուկի), ծորիլ
akmak
հոսիլ
դուրս թափիլ
հոսուն
հոսող, անկայուն (հեղուկ)
akan, akar
հով
հողմ, քամի
rüzgar, yel
ձիւնախառն հով
բուք
տաք հով
խորշակ