HAZIRLIK AŞAMASINDA

ձայնաւոր

երգելու յարմար ձայն ունեցող

ձայնաւոր

դպիր, տիրացու

ձայնել

ձայն տալ, կանչել, կոչել
seslenmek, ünlemek

ձանձրալի

ձանձրացուցիչ, նեղութիւն պատճառող, անտանելի, տաղտկալի, զզուելի
bezdirici, bıktırıcı

ձանձրանալ

երկար տեւող բանէ մը նեղուիլ, զզուիլ, տաղտկանալ
usanmak, bezmek, bıkmak

ձանձրոյթ

ձանձրութիւն, տաղտուկ
usanç, bıkkınlık, zahmet

ձաւար

խաշած ու չորցած ցորեն
bulgur

ձգել

թողուլ լքել
bırakmak

իրար ձգել

գժտեցնել

կինը/էրիկը ձգել

բաժնուիլ

ձեռք ձգել

գտնել, ճարել

միտքը ձգել

յիշեցնել

ուրիշ ատենի ձգել

յետաձգել

պզտիկ ձգել

ամչցնել

ձգձգել

շարունակ յետաձգել, յապաղեցնել
erteleyip oyalamak

ձգձգել

այս ու այն կողմ քաշել, քաշքշել

ձգողութիւն

ձգողական՝ կամ իրեն քաշելու ոյժ, քաշողական զօրութիւն
çekim

ձգտիլ

բանի մը հասնելու աշխատիլ, նկրտիլ

ձգտիլ

երկննալ, ուղղուիլ, միտիլ
yönelmek, eğilmek

ձգտում

բանի մը հասնելու ջանք, միտում, հակում
meyil, eğilim