HAZIRLIK AŞAMASINDA

ճառել

ճառախօսել
nutuk atmak

ճատրակ

խաղ մը, ռազմախաղ
satranç

ճար

հնարք, միջոց, դարման
çare

ճարակ

կեր, սնունդ (անասուններու)
yem, yiyecek

ճարակիլ

արածիլ, ուտել (անասուններու)

ճարահատ

ճարը հատած, ստիպուած
çaresiz

ճարել

հայթայթել, ձեռք ձգել
temin etmek

ճարել

հոգալ

ճարճատիւն

այրելու կամ կոտրելու ձայն
çatırtı

ճարճատուն

ձայն հանելով այրող (կրակ)

ճարպ

միսի իւղ, կենդանական իւղ
(iç)yağ(ı)

ճարպիկ

ճարտար, յաջող, վարժ
becerikli

ճարպիկ

ճկուն

ճարտասան

ճարտար խօսող, հռետոր
dilbaz, hatip

ճարտասանական

ճարտար՝ կամ լաւ խօսելու վերաբերեալ, հռետորական

ճարտար

իր գործին հմուտ, վարպետ
mahir, usta

ճարտար

յաջող, ճարպիկ

ճարտարագէտ

զանազան մեքենաներ՝ կամ ելեքտրական գործիքներ հնարող մասնագէտ երկրաչափ
mühendis

ճարտարագործ

ճարտարութեամբ շինուած

ճարտարախօսութիւն

ճարտասանութիւն, պերճախօսութիւն
belagat