HAZIRLIK AŞAMASINDA

Ճրագալոյց

Զատկի եւ Ծնունդի նախատօնակ, խթում

Ճրագալոյց

ճրագներ վառել

ճրագակալ

ճրագարան, ճրագի յենարան՝ որուն վրայ ճրագը կը դրուի, աշտանակ
şamdan

ճրագու

կարգ մը անասուններու ճարպը

ճօճանակ

ուղղաձիգ կախուած՝ մետաղէ բարակ ձող՝ որ երկու կողմին վրայ կը շարժի (աջ ու ձախ),
sarkaç

ճօճիլ

մէկ կողմէն միւսը՝ շարժիլ, տատանիլ, երերալ
salınmak, sallanmak

ճօճում

ճօճանակի շարժում, տատանում,
Salınım

Մ

երկու հարիւր (ՄԱ = 201, ՄԻԲ= 222, ՄՂԹ = 299)

մագաղաթ

հորթի կամ ոչխարի կաշի՝ զոր գործածած են վրան գրելու համար
tirşe, parşömen

մագիլ

ճիրան, ճանկ (թռչուններու)
cırnak, tırnak

մագլցիլ

մագլիլ, տեղէ մը վեր բարձրանալ (մագիլներու օգնութեամբ), շուլլուիլ
tırmanmak

մագնիս

տեսակ մը երկաթ՝ որ կարգ մը մետաղներ իրեն քաշելու յատկութիւն ունի
mıknatıs

մագնիսուիլ

մագնիսի ոյժէն բռնուիլ

մազ

հեր, ծամ, վարս (մարդոց)
saç

կեղծ մազ

կեղծամ

մորթին վրայի մազ

ստեւ (անասուններու)

նուրբ մազ

աղուամազ (պտուղի)

ոչխարի մազ

բուրդ

վիզի մազ

բաշ (առիւծի՝ ձիու)

մազապուրծ

մազապուր, դժուարաւ՝ կամ հազիւ ազատած (վտանգէ մը)
kıl payı